2015-02-03 12:08:28

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզը Սանթա Մարթայի Մատրան մէջ, Երեքշաբթի` 3 փետրուարին:


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, փետրուար 3ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի իր քարոզին մէջ յորդորեց հաւատացեալները՝ ամէն օր ընթերցել Ս. Աւետարանը, թէկուզ 10 կամ 15 րոպէ՝ կարենալ երկխօսութեան մէջ մտնելու Տիրոջ հետ։ Որովհետեւ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ամենօրեայ Ս. Աւետարանի խոկումը մեզի կը ներշնչէ ճշմարիտ յոյսը։

Ի՞նչն է յոյսի կորիզը՝ հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Պատասխանը Յիսուսի մէջ կը գտնենք, մեր հայեացքը միշտ սեւեռելով Յիսուսի վրայ։

Օրուան Պօղոս Առաքեալի Եբրայեցիներու ուղղուած նամակի ընթերցուածին անդրադառնալով (Եբր ԺԲ. 1-4)՝ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ առանց Տիրոջ ձայնին ունկնդրելու՝ մեր կեանքին մէջ կրնանք ըլլալ ՙլաւատես կամ դրական՚ սակայն անյոյս։ Յոյսը ՙկ’աճի միայն Յիսուսի մէջ՚։ Պօղոս Առաքեալ կը գրէ՝ ՙԱպա ուրեմն՝ մտաբերեցէք Յիսուսին, որ այսպէս համբերեց իր հանդէպ մեղաւորներու ունեցած հակառակութեան, որպէսզի չըլլայ թէ յոգնիք եւ յուսալքուիք։՚ Ուրեմն մեր յոյսը կ’ամրապնդուի երբ մեր ուշադրութիւնը կենդրոնացած կը մնայ Յիսուսի վրայ։

Իսկ անդրադառնալով օրուան Մարկոսի Աւետարանի ընթերցուածին, ուր կը յիշուին Յիսուսի երկու հրաշքները՝ Յայրոսի աղջկան յարութիւնը եւ տեռատես կնոջ բժշկութիւնը (Մրկ Ե. 21-43) Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ Յիսուս ժողովուրդին հետ շատ ժամանակ կ’անցընէր։ Ան ըսաւ՝ Ս. Աւետարանի մէջ շատ անգամ կը կարդանք, որ Յիսուս ժողովուրդին հետ է, անոնց կարիքներով կը հետաքրքրուի եւ մեծ սէր կը ցուցաբերէ բոլորին։ Արդ՝ Յիսուս միշտ մեր հետն է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Իրեն միշտ կրնանք յայտնել այն ինչ որ մեր սրտին մէջն է։ Մեր հայեացքը պէտք չէ հեռացնենք Յիսուսէն, այլ աղօթքով, եւ խոկումով խորացնենք յոյսի առաքինութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.